Նպատակ
Քննարկումներ արեւմտահայերէնով «մտածելու» և «ստեղծագործելու» հարցերուն շուրջ
Purpose
Conference/workshop on Issues and Problems of “thinking” and “creating” in Western Armenian.
Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային, մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։
Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին են Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրել օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը որպէս լեզու դասաւանդելու ու անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելութիւնները:
Բայց եւ այնպէս 21րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը:
Նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով 21-23 Յունուար 2016ին, Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ ու Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «արհեստանոցային» հաւաք մը որ մէկտեղեց արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:
Համալսարանի պարունակին մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքը աւելի գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ ունէր քան թէ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հինգ հիմնական նիստեր տեղի ունեցան (տես ծրագիրը): Բոլոր նիստերու լեզուն արեւմտահայերէն էր: Իւրաքանչիւր հրաւիրուած մասնակից կարճ (5-7 վայրկեան) նախաբան մը ներկայացուց տուեալ նիստի նիւթին շուրջ և ապա ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան:
The multidimensional problems related to the vitality of Western Armenian as a language and the search for solutions is a serious concern in recent years. A number of community cultural and educational leaders, activists and experts in the Diaspora, who are concerned about the future of Western Armenian, are engaged in the process of tackling these issues. Indeed, the future of Western Armenian, recently classified as an “endangered language” by UNESCO, has become one of the most critical questions discussed in Armenian society and the medai.
Of course, there are a number of initiatives, such as the ones under the auspices of the Calouste Gulbenkian Foundation’s Armenian Communities Department, which have started to seriously study the problems. Among these studies are, for instance, the situation of Armenian schools in the Diaspora and the problems related to the teaching of Western Armenian as a language.
Nevertheless, the political and socio-economic realities and circumstances imposed, willingly or unwillingly, in the 21st century have an impact on the prospects of Western Armenian. Beyond speaking and teaching the language, the future of Western Armenian is determined by its vitality, which among other factors requires an army of people who think, create, write and publish in Western Armenian.
The Armenian Studies at University of Oxford (Faculty of the Oriental Studies), with the financial support of the Calouste Gulbenkian Foundation, organised a conference/workshop in Oxford, held on 21-23 January 2016, in order to discuss and clarify these issues and problems and suggest solutions. The workshop brought together leading writers, intellectuals, experts, publishers and newspaper editors and journalists in the Diaspora and Armenia, who think, write and publish in Western Armenian.
The workshop, conducted entirely in Western Armenian, consisted of five sessions of discussions spread over two days (22 & 23 January). The program opened with a public lecture (in English) on Thursday evening (21 January).
For further information, please contact:
Dr Hratch Tchilingirian
Associate Faculty, Armenian Studies, Oriental Institute
(hratch.tchilingirian@orinst.ox.ac.uk)
Prof. Theo van Lint
Calouste Gulbenkian Professor of Armenian Studies (theo.vanlint@orinst.ox.ac.uk)